MENU

Fun & Interesting

Հիւանդութիւն եւ Մահ - Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ - 13.12.2020

Video Not Working? Fix It Now

Աստուածաշնչական այսօրուան ընթերցումներուն մէջ Իսրայէլի հին թագաւորներէն Եզեկիայի մասին հետեւեալ նախադասութիւնները կը կարդանք։ Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Եսայի մարգարէն իր մօտ եկաւ եւ ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, կ՚աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։ Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛. Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ։ Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։ (Եսայեայ 38։1։6)

Comment